2008-11-02 14:18:53

Պենետիկտոս ԺԶ Պապի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը` օր մեռելոց յիշատակի խորհրուրդը նիւթին մասին։


Կիրակի Նոյեմբեր 2 2008ը լատին եկեղեցին կը յիշատակ է Օր Մեռելոցը։ Կէսօրին, Պենետիկտոս ԺԶ Պապը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Օր մեռելոցի նշանակութեան մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Երէկ` Նոյեմբեր մէկ տօնախմբեցինք Ամենայն Սրբոց տօնը, այսօր կը ոգեկոչենք ննջեցեալ հաւատացեալները, որոնք մեզմէ բաժնուեցան հաւատքի նշանով ու այժմ խաղաղութեամբ կը ննջեն։ Շատ կարեւոր է որ մենք քրիստոնեաներս հաւատքով ու ճշմարտութեամբ կապի մէջ մնանք ննջեցեալներու հետ ու դիտենք մահը ու անդիականութիւնը Յայտնութեան լոյսով։ Արդէն Պօղոս առաքեալը, քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւններուն ուղղած թուղթին մէջ կը գրէր. Յիսուս մեռաւ ու յարութիւն առաւ, նոյնպէս եւ Աստուած, Յիսուսի միջոցաւ, իր շուրջ պիտի համախմբէ բոլոր ննջեցեալները։ Այսօր եւս հարկաւոր է հաւատացեալներուն քարոզել մահուան ու յաւիտենական կեանքի մասին։ ապա Նորին Սրբութիւնը յառեց. ՚՚ ՚Փրկարար յոյսը՚ ՚ շրջաբերական թուղթին մէջ կը հարցադրէի քրիստոնեական յոյսի մասին։ Քրիստոնեական հաւատքը այսօրուայ մարդուն համար եւս պէտք է ըլլայ բարեփոխող ու կենսատու յոյս մը կամ երկրաւոր իրադրութիւնը այսօրուայ մարդու համար արդիօք դարձած է իրեն միակ հորիզոնը։ Ս. Օգոստինոս կը հաստատէ թէ ամէնքը կը փնտռեն երանական կեանքը`երջանկութիւնը։ Օր Մեռելոցի ոգեկոչումին առթիւ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, վերանորգենք յաւիտենական կեանքի մեր յոյսը, որ հիմնուած է Քրիստոսի մահուան ու յարութեան վրայ։ Քրիստոնեական յոյսը բնաւ անհատական չէ, այլ յոյս մըն է ուրիշի, մեր բոլորին կեանքերը իրարմէ կախեալ են ու իրարու հետ կապուած, բարին կամ չարը որ կը գործենք ուրիշին վրայ ալ կ`ազդէ։ Այսպէս մեր աղօթքը կարող է օգնել բիւրեղացնելու ննջեցեալ հոգիները։ Ահա այս պատճառաւ Եկեղեցին կը հրաւիրէ մեզ աղօթելու ննջեցեալներու համար ու այցելել անոնց գերեզմանները։ Մարիամ Յոյսի Աստղը թող ամրապնդէ մեր հաւատքը յաւիտենական կեանքի մէջ ու բարեխօսէ մեր ննջեցեալներուն համար։

այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Պապը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ ապա տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.